Եւրոպայի Հայկական միութիւններու ֆորումի (ԵՀՄՖ) մամլոյ ծառայութեան համաձայն` ԵՀՄՖ-ի եւ Սլովաքիոյ հայկական համայնքի նախագահ Աշոտ Գրիգորեան ընդունած է Սլովաքիոյ Գերագոյն դատարանի նախագահ, փոխվարչապետ Շթեֆան Եարապինը, որ իր կարգին յայտնած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրէնքին նախագիծը, զոր ան տարիներ առաջ ներկայացուցած էր Ազգային խորհուրդ, արդէն հաստատուած է եւ օրէնքի ուժ ստացած:
Իբրեւ փոխվարչապետ եւ Արդարադատութեան նախարար՝ երկու տարի առաջ Հայաստան իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Եարապին յայտարարած էր, որ ան պատրաստած է հրէական Ողջակիզումը մերժողներուն նկատմամբ քրէական պատիժի կիրառման օրէնք մը, որ պիտի ընդգրկէր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման պարագան:
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը, որ վաւերացուած էր Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդին կողմէ 2004-ին, հնարաւորութիւն կու տայ, որ վերոյիշեալ օրէնքը կիրառուի նաեւ Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու եւ մերժողներու նկատմամբ:
«Անոնք, որոնք հրապարակայնօրէն կ’արդարացնեն միջազգային քրէական դատարանի հռոմէական դրութեան 6, 7 եւ 8-րդ յօդուածներուն համապատասխան գործողութիւնները, որոնք կը համապատասխանեն ցեղասպանութեան յարկանիշներուն, կը համարուին յանցագործներ, եւ այդ յանցագործութիւնը կատարող անձը կամ անձերու խումբը կը պատժուի բանտարկութեամբ՝ մէկ-երկու տարուան ժամկէտով:
Եթէ այդ յանցագործութիւնը կատարուի յատուկ նպատակներով կամ միտումնաւոր, ապա յանցագործութիւն կատարող անձը կը պատժուի 2-5 տարուան բանտարկութեամբ»:
Ըստ Եարապինի, եթէ ոեւէ անձ Սլովաքիոյ մէջ, օտար թէ տեղացի, կամ Սլովաքիոյ ոեւէ քաղաքացի՝ աշխարհի որեւէ երկրի մէջ, հանդէս գայ Ցեղասպանութիւնը մերժող յայտարարութեամբ՝ պիտի ենթարկուի մինչեւ հինգ տարուան ազատազրկման:
Այս աշխատանքին մէջ մեծ դեր ունեցած են Եւրոպայի հայ լոպիիստները եւ Շթեֆան Եարապին: Վերջինս, 2012-ի Փետրուարին, ԵՀՄՖի նախագահ Աշոտ Գրիգորեանի հետ գործակցաբար, վերոնշեալ թեմային շուրջ պիտի կազմակերպէ գիտաժողով մը, որուն մասնակցելու համար արդէն հրաւէր ստացած են ՀՀ Վճռաբեկ դատարանի նախագահ Արման Մկրտումեան եւ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան:
Այսպիսով՝ Սլովաքիան աշխարհի մէջ առաջին երկիրներէն մէկն է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դրաւ հրէական Հոլոքոստի հետ նոյն յօդուածին մէջ եւ քրէական պատիժ սահմանեց:
Tert.am