Դեկտեմբեր 1 -2011ին, ԼՂՀ նախագահը այցելեց մեր երկիրը, իր կատարած շրջագայութեան ծիրեն ներս, բոլոր այն հայ գաղութներուն որոնք կարեւոր օժանթակութիւն ցոյց կու տան Արցախին։ Երեկոյեան ժամերուն, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը և իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը, բաղկացած Արցախի Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ արք.Մարտիրոսեանի, նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բալայեանի և դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեանի, ինչպէս նաեւ Ուրուկուայի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներուն եւ մեր գաղութի Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ արք. Գըլըճեանի, շատ կարեւոր հանդիպում մը ունեցաւ, Ուրուկուայի խորհրդարանի մէջ, ուր ներկայ գտնուեցան Պատգամաւորներու Պալատի Նախագահ Լուիս Լագաժէ Բօու, Զբոսաշրջութեան փոխ նախարար Լիլիամ Քէչիչեան, ծերակուտական Րաֆաէլ Միգելինի, Միջազգային հարցերու Յանձնախումբի նախագահ Մարիա էլենա Լաուրնակա, , Ուրուկուայ - Հայաստան միջխորհրդարանական խումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով խորհրդարանականներ.
Հանդիպումի ընթացքին պատգամաւոր Ռուբեն Մարթինէս Ուէլմօ, ջերմ խօսքերով բարի գալուստ մաղթեց Արցախի նախագահին և իր պատուիրակութեան, նշելով թէ Ուրուկուայի խորհրդարանի անդամները շահաքրքրուած են Ղարաբաղի հարցով և Ուրուկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ տրամադրուած պատմական տուեալներու միջոցաւ, խորհրդարանը ներկայացնող չորս կուսակցութիւններու հետ սկսած են քննարկել Ղարաբաղի հարցով միասնական որոշում մը որդեգրելու հարցը որ համապատասխանէ միջազգային նորմերուն, վերջնական դիրքորոշումի մը հասնելու համար։
Պատգամաւոր Ռուբէն Մարթինէս Ուէլմոն, շեշտը դրաւ այն յայտարարութեան վրայ որ արտգործ նախարար Տօք. Լուիս Ալմակրոն ըսած էր Սեպտեմբեր 9-ը 2011-ի սեմինարին, Ուրուկուայ-Հայաստան միջխորհրդարանական Յանձնախումբի և Ուրուկուայի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած, որու համաձայն Ղարաբաղի հարցով Ուրուկուայը գործընթաց մը պիտի սկսի իր դիրքորոշումը ճշտելու համար։
Խօսք տրուեցաւ նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին որ ամփոփ կերպով ներկայացուց 1921 թուականէն ասդին երբ Սովետ Միութիւնը Լ.Ղարաբաղը Հայաստանէն անջատելով նուիրեց Կովկասի մեր տարածքին մէջ Սովետական Ազրպէյճան կոչուած և նոր յայտնուած հանրապետութեան։ Նախագահը ապա մանրամասնութիւններ տուաւ 1988-ին սկիզբ առած Արցախեան ազատագրական պայքարին և Ազերիներու կողմէ մեզի պարտադրուած պատերազմին, որուն իբրեւ արդիւնք յաղթանակեց Արցախի ժողովուրդը և հռչակեց իր անկախութիւնը որ այսօր դիւանագիտական պայքար կը մղէ որպէսզի միջազգային համայնքը ճանչնայ արեան գնով իր ձեռք բերած ինքնորոշման իրաւունքը և անկախութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ Արփին Հօճաճանեանը Արցախի նախագահին յանձնեց փաստաթուղթերու գրքոյկՙ մըՙ ուր ամփոփուած են մինչեւ այսօր Ուրուկուայի խորհրդարանի կողմէ եղած յայտարարութիւններու և ընդհանրապէս ԼՂ-ի հարցով կատարուած աշխատանքներու շուրջ արձանագրութիւններ։
Այս հանդիպումէն ետք, Արցախի նախագահը և իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Հայաստան հրապարակ, ուր նախագահը ծաղկեպսակ մը զետեղեց, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Հայ ազգի կողմէ Ուրուկուայի հայասէր կառավարութեան և անոր ազնիւ ժողովուրդին։
Ուրուկուայի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբ