Անորոշութեան կարծես վերջ տրուեցաւ, երբ Մինսկի խումբի համանախագահները Պաքուի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպելէ ետք յայտարարեցին, որ իրենց հաւաստիացումներ տրուած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ՝ օդակայանի օգտագործման առանձնապէս դիւանագիտական ճանապարհներով հակազդելու մասին: Յայտարարութեան բնագիրէն կարելի էր ստանալ այն տպաւորութիւնը, որ այս հաւաստիացումին փոխարէն՝ համանախագահներն ալ իրենց կարգին երաշխիքներ տուած են ազերի իշխանաւորներուն՝ օդակայանի օգտագործումը որեւէ ձեւով իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի փոփոխման առնչուած քայլ չնկատելու:
Հիմա ի՞նչ հասկնալ այս յայտարարութենէն: Վստահ ենք, որ Արցախի իշխանութիւնները աւելի յստակ միջազգային երաշխիքներ պիտի փորձեն ապահովել՝ նախքան օդակայանը բանալը, եւ ոեւէ մէկ քաղաքացիի կեանքը վտանգի տակ պիտի չդնեն: Արցախի իշխանութիւնները զգուշաւոր պիտի ըլլան, յատկապէս, երբ Ատրպէյճանի կողմէ համանախագահներու յայտարարութենէն ետք իսկ սպառնալիքներ կը տեղան՝ հարուածելու «առանց Ատրպէյճանի թոյլտուութեան» (իրենցը համարող) Ստեփանակերտի երկինքը սաւառնող ինքնաթիռները:
Այս սպառնալիքներու լոյսին տակ Մինսկի համանախագահներու յայտարարութիւնը վերընթերցելով՝ պիտի հասկնանք, որ Ստեփանակերտի օդակայանի բացման հարցը տակաւին վերջնականապէս չէ յստակացած, եւ որ Ատրպէյճան որեւէ երաշխիք չէ տուած քաղաքացիական թռիչքներու դէմ զէնք չօգտագործելու, այլ՝ շատ հաւանաբար՝ պարզապէս խոստացած է միջազգային համապատասխան կառոյցներու հետ շարունակել խնդիրի քննարկումը:
Մինսկի գործընթացի ծիրէն ներս Ստեփանակերտի օդակայանի բացման հարցը, այս հակասական կամ դիւանագիտական յայտարարութեանց լոյսին տակ, կը վերածուի մէկ այլ թնճուկի, որ վերջնականապէս կրնայ քակուիլ միայն ու միայն Արցախի հարցի հանգուցալուծումով: Ճիշդը այս պարագային՝ համբերելն է:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ, «Ասպարեզ» թերթի խմբագիր