Լուրեր
նորություններ/news

Համալիր Ծրագիրներու Անհրաժեշտութիւն (Շուշիի ազատագրութեան 20–ամեակին առիթով)

Համալիր Ծրագիրներու Անհրաժեշտութիւն (Շուշիի ազատագրութեան 20–ամեակին առիթով)

Շուշիի ռազմավարական կարեւորութեան, քաղաքի բնակեցման, մշակութային մայրաքաղաքի վերածման անհրաժեշտութիւններուն մասին խօսիլը բացառապէս յոբելենական առիթներու պէտք չէ ըլլայ: Անկասկած, որ ողջունելի է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի հանրապետութիւններու համապետական մակարդակներով Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակը տօնակատարելը: Շուշին սակայն փառատօնային նշանակութիւն չունի միայն:

Յոբելեանը առիթ է պարզապէս համայն հայութեան ուշադրութիւնը անառիկ բերդին վրայ կեդրոնացնելու` հերթական անգամ համոզուելու համար անոր ներկայացուցած ռազմավարական անփոխարինելի նշանակութեան մասին: Բայց նաեւ առարկայական գնահատական տալու, որ շրջանային մակարդակով կարեւորութիւն ներկայացնող այս ամրոցին նկատմամբ պետական-հասարակական ի՞նչ քաղաքականութիւն կը կիրարկուի, ի՞նչ տեսակի ծրագիրներ կը մշակուին ու կ՛իրականանան եւ թէ Շուշին իբրեւ աշխատանքային միջավայր որքանո՞վ ներկայ է պետութեան, միութիւններուն, թէ սփիւռքեան կառոյցներու գործադաշտին մէջ:

Ճիշդ է, որ նպատակաուղղուած ձեւով առիթը կ՛օգտագործուի ռազմական շքերթ ցուցադրելու եւ այդ ճամբով ինչպէս զինուորական, այնպէս նաեւ քաղաքական պատգամներ յղելու. ինչ որ ընդգծուած ձեւով հրամայական անհրաժեշտութիւն է ի տես` ազրպէյճանական կողմէն շարունակուող հրադադարի հետեւողական խախտումներուն, ռազմատենչ հռետորաբանութեան աստիճանաչափի բարձրացման, յայտարարողական սպառնալիքներու ահագնացումին, ռազմական նախահաշիւներու անվերջ ուռճացումներուն:

Արցախեան ռազմաշքերթին արտակարգ տարողութիւն տալը, յար եւ նման Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացման 20-ամեակին առիթով կազմակերպուած զինուորական տողանցքին, այս առումներով ունի իր արդարացուած տրամաբանութիւնը:

Ռազմական պատրաստուածութեան ցուցադրութիւնը կամ ռազմաարհեստավարժութեան գերյագեցուածութեան բացայայտումը միայն հակառակորդին ուղղուած պատգամ չէ անշուշտ: Ներազգային մակարդակի վրայ ժողովուրդի բարոյահոգեբանական իրավիճակի բարձրացումին նպաստող մղում է:

Այս բոլորը սակայն կրնան կարճատեւ հանգրուաններու համար ազդեցիկութիւն պահել: Ի վերջոյ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի հանրապետութիւններուն թիւ մէկ օրախնդիրը ժողովրդագրական պատկերի պահպանումն է` սկսելու համար: Բարելաւում ակնկալելը այս պայմաններուն մէջ, երբ արտահոսքի արիւնահեղութիւնը թափ կը ստանայ, պարզապէս իրատեսական պիտի չըլլար:

Ժողովրդագրական պատկերը կայուն կը պահուի, երբ կենսակերպի հետ առնչուած անմիջական հարցերուն լուծում բերելու մօտեցումներ ցուցաբերուին: Երբ տարրական կարիքներու` բնակարանային, կրթական, առողջապահական խնդիրներէն սկսեալ մինչեւ աշխատատեղերու, աշխատավարձերու եւ կենսաթոշակներու հետ կապուած հանգուցաւոր խնդիրներ սկսին հանգուցալուծուիլ եւ որոշ հեռանկարներ պարզել: Առանց այս հիմնախնդիրները դէպի լուծում առաջնորդող աշխատանքներու ուրուագծման արագ մարող հրավառութեան կը նմանին փառատօնային արարողութիւնները, թէկուզ որ կարճատեւ խանդավառութեան ժողովրդային ալիքներ բարձրացնեն:

Սահմանամերձ տարածքներու վրայ, նոյնինքն Շուշիի թէ առհասարակ Արցախի Հանրապետութեան մէջ բնակեցման քաղաքականութիւնը ինքնին համակողմանի ուսումնասիրութեան եւ հետեւողականութեան երաշխիքները զսպանակած եթէ չըլլայ, որոշ հանգրուանէ ետք խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ բնակեցուողին դիմադրողականութիւնը: Քաղաքականութեան բազմակողմանիութիւնը համալիր ծրագիր կ՛ենթադրէ, որ ճանապարհաշինութենէն մինչեւ բնակարան, աշխատատեղիէն մինչեւ դէպի բարեկեցութիւն յուսադրող ապրուստի միջոց, կրթական հաստատութիւններէն մինչեւ մշակութային բնագաւառի առաջնորդող ուղիներու հարթում. եւ տակաւին`բարձրագոյն ուսումէն մինչեւ ասպարէզներու շուկայի ձեւաւորում ու ներդրումային դաշտ կրնան նպաստել ժողովրդագրական պատկերի բիւրեղացման առաջադրանքի իրագործման:

Այս բոլորին համար կենսական է համահայկական ուշադրութեան սեւեռացումը` Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն եւ սփիւռքեան կառոյցներուն կողմէ: Լիբանանահայութիւնը հրաւիրուած է ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հիմնահարցին ի նպաստ իր լուման ներդնելու, իր մասնակցութիւնը բերելու: «Արցախ Ֆոնտ»-ի կազմակերպած ռատիոթոնը Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակին առիթով այդ ուղղութեամբ ձեռնածալ չմնալու կոչ է, հրաւէր է` մեծ առաջադրանքի իրագործման համար անտարբեր չմնալու: Մասնակցելու:

Շահան Գանտահարեան, «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր