Մարտ 27ին, Պէրլինի մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ համագումար՝ «Օսմանեան հայկական ժառանգութիւնն ու յիշողութիւնը թուայնացման ժամանակներուն» նիւթով։ Ձեռնարկը միասնաբար կազմակերպուած էր Յուշամատեան միութեան եւ Հայնրիշ Պէօլ հիմնադրամին կողմէ։
Հիմնադրամին անունով ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Սերկէյ Լակոտինսքի եւ Ուլրիքէ Տուֆներ։ Ապա խօսք առաւ Յուշամատեան միութեան նախագահուհի՝ Էլքը Հարթմանն, որ գիտական այս հանդիպումը վարողն էր։ Հարթմանն իր ներկայացումին մէջ շեշտը դրաւ օսմանագիտութեան մէջ հայկական աղբիւրներու գործածութեան կարեւորութեան վրայ։ Երկրորդ դասախօսն էր Թոլկա Ճորա (Շիքակոյի համալսարանէն)։ Ան ներկայացուց 19րդ դարուն Էրզրում/Կարինի Փասթրմաճեան ընտանիքը եւ անոր անդամներէն Խաչատուր էֆէնտի Փասթրմաճեանի սպանութեան պայմանները՝ հիմնուելով հայկական, օսմանեան եւ արեւմտեան աղբիւրներու վրայ։ Ասոր յաջորդեց Նանոր Քեպրանեանի դասախօսութիւնը (Նիւ Եորքի Գոլումպիա համալսարանէն)։ Ան կեդրոնացաւ օսմանեան-թրքական բանտի նիւթին վրայ. աւելի ճիշդը թէ ինչպէս քրէական այս հաստատութիւնը ներկայացուած է նոյն ժամանակներու հայկական բազմազան աղբիւրներուն մէջ, ինչպիսի հետաքրքրական խորհրանիշներ ստեղծուած են անոր շուրջ։
Կարճ դադարէ մը ետք, համագումարը շարունակուեցաւ Վահէ Թաշճեանի («Յուշամատեան» կայքէջի գլխաւոր խմբագիր) դասախօսութեամբ, որուն նիւթն էր կայքէջին գործունէութիւնը, երկու տարուան մէջ անոր ապրած զարգացումը։ Ապա խօսք առաւ Կարս Ազնաւուր (Ժընեւի համալսարանէն), որ ներկայացուց համացանցի յառաջացուցած յեղաշրջումը տեղեկատուական աշխարհէն ներս ու անոր զանազան հակասութիւնները։ Ան շեշտը դրաւ թէ ինչպէս զանազան կայքէջներ այլեւս կը յաջողին պաշտօնական պատմագրութիւններէն դուրս գործել եւ նոյն ժամանակ ալ մատչելի ըլլալ բոլորին։ Վերջին դասախօսողն էր Հովան Սիմոնեան (Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարան), որուն նիւթն էր ծինային գիտութիւնը զարգացնելու եւ նոր հորիզոններ բանալու մարզին մէջ համացանցային արհեստագիտութեան նպաստը։
Աւարտին տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում։
Նշենք որ նոյն օրը, Հայնրիշ Պէօլ հիմնադրամի շէնքին մէջ, տեղի ունեցաւ նաեւ «Յուշամատեան»ի ցուցահանդէսին բացումը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Մայիսի սկիզբը։ Ցուցահանդէսը պատրաստած է «Յուշամատեան»ի արուեստի պատասխանատու՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան։
Մարտ 27ի երեկոյեան նոյն շէնքին մէջ եւ դարձեալ համագումարին ընդհանուր նիւթով կազմակերպուեցաւ նաեւ կլոր սեղան մը, որուն մասնակցեցան Էլքը Հարթմանն, Հիւլիա Ատաք (Սապանճը համալսարանէն) եւ Միքայէլ Տորմանն (Պէրլինի «Գաղթ, արտաքսում եւ հաշտութիւն» հիմնադրամի ներկայացուցիչ)։ Հանդիսավարն էր Ուլրիքէ Տուֆներ։
«Յուշամատեան» միութեան համար այս մէկը իր կողմէ կազմակերպուած առաջին գիտական համագումարն ու ցուցահանդէսն է։ Այս տարի նախատեսուած է նաեւ «Յուշամատեան»ի առաջին գիրք-ալպոմին հրատարակութիւնը։ Ասոնք զուգահեռ գործունէութիւններ են «Յուշամատեան»ի գլխաւոր աշխատանքին, որն նոյնանուն կայքէջն է։ Բոլոր այս գործերուն առանցքը կը մնայ Օսմանեան կայսրութեան Հայերու ժառանգութեան եւ յիշողութեան վերականգնումը։
.
«Նոր Յառաջ»