Նախընտրական քարոզարշաւի փուլը` ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան
6 մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախընտրական քարոզարշաւը պաշտօնապէս սկսած է արդէն: Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ համամասնական թէ մեծամասնական ընտրակարգերով առաջադրուած կուսակցութիւններն ու պատգամաւորական թեկնածուները իւրաքանչիւր օր ու ժամ լիարժէք օգտագործելու ուղղութեամբ յստակօրէն տրամադրուած են: Եւ ասիկա հասկնալի է անշուշտ, մանաւանդ նկատի ունենալով քարոզարշաւի սահմանափակ ժամանակը եւ այդ ժամանակի ընթացքին հասարակութեան համոզիչ ու հաւաստի ներկայանալու նպատակի իրականացման համար թափուող առաւելագոյն ճիգերը: